2014-04-03 10:46:33

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 3 ապրիլի քարոզն ու թուիթը ` ''Քրիստոնեայ մը պէտք է հակազդէ թշուառութեան''


3 ապրիլ 2014-ի հրատարակած իր թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը գրէ` ''Չենք կրնար համակերպիլ մեզ շրջապատող թշուառութեան եւ փլուզումի ենթարկուող իրավիճակին։ Քրիստոնայ մը պէտք է հակազդէ այս իրողութեան։

Իսկ առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ ''աղօթքը Աստուծոյ հետ պայքար մըն է որ պէտք է կատարենք ազատութեամբ եւ հաստատակամութեամբ որպէս բարեկամի մը հետ անկեղծ երկխօսութիւն։ Այսպէս կատարուած աղօթքը – ըսաւ Ան - սիրտը կը բարեփոխէ որովհետեւ մեզի կը ճանչցնէ Աստուծոյ իսկական էութիւնը։
Քարոզի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''կարելի չէ աղօթել առանց Սուրբ Հոգւոյն ներկայութեան։ Ան ներկայ է ամէն մէկ աղօթքի մէջ, Ինքն է որ կը բարեփոխէ սիրտը, Ան է որ մեզի կը սորվեցնէ Աստուած կոչել ''Հայր''։ Հայցենք ուրեմն Սուրբ Հոգիէն որ մեզի սորվեցնէ աղօթել եւ առաջնորդէ մեզ աղօթքի ճանապարհով'' եզրափակեց Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.